781Թաղէ քու ցաւերըդ
781
Թաղէ քու ցաւերըդ,
Ով թերահաւատ,
Սրբէ արցունքներդ,
Մ’ըլլար յուսահատ.
Բոլոր տրտմութիւնդ
Պատմէ Յիսուսի.
Շուտով նեղութիւնդ
Պիտի փարատի:
Խաւա՞ր է գիշերը՝
Լոյս պիտի ծագի
Մեզի համար Տէրը
Միշտ հոգ կտանի.
Խնդրէ իր արեւը,
Անշուշտ քեզ կու տայ.
Դիմէ անոր քովը,
Քու բեռդ կամբառնայ:
Քեզի ինք նպաստ է
Մեծ իմաստութեամբ.
Օգնել միշտ պատրաստ է
Անհուն գթութեամբ.
Գնա եւ տրտմածը
Դուն մխիթարէ.
Բոլոր մնացածը
Տէրոջդ պատմէ:
Երբ է երգվել
This song is not in an archived service yet.